2013-11-24 12:17:19

Սուրբ Պետրոսի մէջ` Հաւատոյ Տարուայ եզրափակիչ արարողութիւնը։


Կիրակի 24 հոկտեմբերին, Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, տեղի ունեցաւ, Վատիկանեան Տիեզերական Բ. ժողովի բացման 50-րդ տարեդարձին եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ քրիստոնէականին հրապարակումի 20-րդ տարեդարձին առիթներով, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի օրով հռչակուած` եւ 2012-ին սկիզբ առած` ''Հաւատոյ Տարուայ'' եզրափակիչ արարողութիւնը, զոր գլխաւորեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, մասնակցութեամբ Արեւելեան Եկեղեցիներու Պատրիարքներուն եւ Աւագ Եպիսկոպոսներուն, որ 19 - 22 նոյեմբեր Վատիկանի մէջ մասնակցած էին նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու ժողովի լիագումար հաւաքին։

Այս կարեւոր ու յատկանշական արարողութեան առթիւ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ, առաջին անգամուան համար, ցուցադրուեցան Սուրբ Պետրոս առաքելապետի աճիւնները որ 1971-ին` նուիրուած էին Պօղոս Զ երջանկայիշատակ Քահանայապետին եւ որ ընդհանրապէս պահուած են Քահանայապետական Պալատին ներքոյ։

Յայտնենք որ Պետրոս առաքեալը նահատակուած է Հռոմի մէջ, գլուխը վար խաչուելով` 64-70 թուականներուն, Գալիկուլա կրկէսին մէջ, ուր այսօր կը գտնուին Վատիկանի այգիները։

Պիոս ԺԲ քահանայապետի օրով,1939-ին, բեղումներ կատարուեցան ս Պետրոս տաճարի գետնայարկը, ու ապա 40-ական թուականներուն, առաքելապետին աճիւնները ի յայտ եկան։ 1950-ին եւ 1960-ին, գիտնականները այդ աճիւնները վերագրեցին ս. Պետրսի։ Պօղոս Զ Քահանայապետը 26 յունիս1968-ին ճանչցաւ ս. Պետրոսի աճիւններուն վաւերականութիւնը։

Հաւատոյ Տարուայ եզրափակիչ Սուրբ Պատարագի Արարողութեան սկիզբը, երիտասարադ կամաւորներու համագործակցութեամբ եւ Սրբազան Քահանայապետին խնդրանքով` տեղի ունեցաւ դրամահաւաք Փիլիպեան կղզեխումբի ''Հայան'' մրրիկի աղէտեալներուն ի նպաստ։

Իսկ Սուրբ Զոհի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը նախ քան նոյն վայրէն Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը արտասանելը, խորհրդանշական կերպով, եպիսկոպոսի մը, քահանայի մը ու արկաւագի մը, ժամանած Լէդդոնիայէն, Դանծանիայէն եւ Ավստրալիայէն յանձնեց` իր հրատարակած ''Աւետարանի Ուրախութիւնը'' վերտառութեամբ առաջին առաքելական յորդորագիրը` վաւերագիրը որ ներշնչուած է, 2012-ի հոկտեմբերին, սիւնհոդոսական հայրերու աւետարանութեան մասին կատարած աշխատանքէն։
Նորին Սրբութիւնը յորդորագիրը յանձնեց նաեւ` երկու կրօնաւորներու, երկու նորընծաներու, ընտանիքի մը, կրօնուսոյցի մը, եկեղեցական եղբայրութեան եւ շարժումի ներկայացուցիչներուն ու երիտասարդի մը եւ նոյնիսկ կոյրի մը (յատուկ լսատեսողական ժապաւէնի վրայ)։ Նորին Սրբութիւնը յորդորագիրը յանձնեց նաեւ երկու արուեստագէտներու եւ լրագրողներու։ Յորդորագիրը ստաձան, Եկեղեցւոյ 36 ներկայացուցիչներ եկած աշխարհի 5 ցամաքամասերու 18 երկիրներէն։
Յայտնենք որ ''Աւետարանի ուրախութիւն'' առաքելական յորդորագիրի պաշտօնական ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի 26 նոյեմբերի առաւօտեան` Վատիկանի Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի անուան սրահին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.